2014-12-18 12:47:39

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը`''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի''անդամ 50 պատանիներուն հետ։


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի 18 դեկտեմբեր 2014-ին կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Բանուորական շարժումի` ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' անդամ 50 պատանիներուն եւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար, Ծննդեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց եւ իրենց ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց շարժումի որդեգրած կարգախօսին որ է` ''Ամէն ինչ յայտնաբերել'' հաստատելով թէ ուղեւորութիւն մըն է որ կը պահանջէ քաջութիւն եւ փնտռտուքի յանձնառում որուն դափնեպսակը ուրախութիւնն է` ''երբ բացայայտուի Յիսուսի ձեզմէ ամէն մէկուն վերապահած ծրագիրը''։
Այս կարգախօսին վրայ հիմնուելով Սրբազան Հայրը անոնց ներկայացուց մի քանի թելադրանքներ.
Առաջին` երբեք չվհատիլ, որովհետեւ Յիսուսի ձեզի վերապահած ծրագիրը միասնական ուղեւորութիւն մըն է ձեր ծնողաց, ձեր եղբայրներուն, ձեր բարեկամներուն ու դպրոցի, կրօնուսուցումի եւ բանուորական շարժումի ուղեկիցներուն հետ։
Երկրորդ` հոգ տանիլ աղքատներուն, տառատպեալներուն եւ առանձնութեան մէջ ապրողներու կարիքներուն որպէսզի ձեր ուղեւորութիւնը դառնայ սիրոյ ուղեւորութիւն։
Երրորդ` սիրել Եկեղեցին, քահանաները եւ տրամադիր ըլլալ ծառայելու հասարակութեան, յատկացնելով ժամանակ, ոյժ եւ անձնական կարողութիւններ որպէսզի վկայէք թէ Աստուծոյ ձեզմէ ամէն մէկուն շնորհած ձիրքերը պարգեւներ են որոնք պէտք էք բաժնեկցիլ բոլորին հետ։
Չորրորդ` ըլլալ խաղաղութեան եւ անդորրութեան առաքեալներ, ընտանեկան կամ բարեկամական միջավայրերուն մէջ, ձգտելով եղբայրսիրութեան ու յաղթահարելով անհասկացողութիւնները, վստահ ըլլալով թէ Յիսուսին հետ միութեամբ ապրելով ամէն բան կարելի է։
Հինգերորդ` Յիսուսին հետ յարատեւ երկխօսութեան մէջ մնալ, ամենամեծ բարեկամը որ ձեզմէ երբեք չի հեռանար։ Անոր ներկայացնել ձեր վիշտերն ու ուրախութիւնները։ Անոր դիմել ամէն անգամ որ սխալ կը գործէք եւ Ան ձեզ պիտի ներէ։ Եւ բոլորին խօսիլ Յիսուսի մասին, Անոր սիրոյն, ողորմութեան, քնքշութեան մասին, որովհետեւ Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը, որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար, պատմելիք արժանի իրողութիւն մըն է։
''Ես վստահ եմ որ դուք արդեն այս թելադրանքները կ՛ապրիք ձեր առօրեային մէջ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները Յիսուսի Ծննդեան տօնին առթիւ այլ քայլ մըն ալ առնելու` Յիսուսի աշակերտներ դառնալու համար, պարզապէս ''ահաւասիկ եմ'' ըսելով, այնպէս ինչպէս ըրաւ մեր Մայրը` Մարիամ։
Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն Քեզ Մարիամ'', աղօթքը որմէ ետք ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.